«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ:
Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, 119-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարլ-Անթոնի Թոմաս նշանակեց 39 կէտ:
Սաքրամենթօ Քինկզ 120-115 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օրլանտօ Մեճիքին:
Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Էլֆրիտ Փէյթըն «Թրիփըլ տապըլ»-ի հեղինակ դարձաւ (13 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ):
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 114-108 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Եութա Ճեզի դաշտէն: Քրիս Փոլ (Քլիփըրզ), նշանակեց 33 կէտ:
Այլ մրցումի մը, Թորոնթօ Ռեփթըրզ 100-78 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տալաս Մավըրիքսին: Տեմար Տերոզան (Ռեփթըրզ) նշանակեց 25 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շարլոթ Հոռնեթց – Շիքակօ Պուլզ | 109-115 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տալաս Մավըրիքս | 100-78 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Միլուոքի Պաքս | 113-93 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Աթլանթա Հոքս | 107-99 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 119-104 |
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 114-108 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օրլանտօ Մեճիք | 120-115 |
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 129-101 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Նիւ Օրլինզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ