Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստան պիտի ունենայ 4 մասնակից:
11 ապրիլին սկսելիք այս ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, միջազգային վարպետներ Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Գալոյեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, 14 ճատրակ խաղացողներ պիտի ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: