Մարզական

Էսիենի Կինը Գնեց Քոմօ Ֆութպոլի Ակումբը

Չելսիի, Ռէալ Մատրիտի եւ Ղանայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Միքայէլ Էսիենի կինը` Աքոսուա Փունի Էսիեն, 237 հազար եւրօ վճարելով գնեց իտալական Գ. դասակարգի խումբերէն Քոմօ ակումբը, որ սնանկացումի վտանգի տակ էր:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 2016-2017 Տարեշրջանը Աւարտեց 5-րդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Շապապ Արապի, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի հետ, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ իր կատարած մրցումէն ետք ստացաւ իր ախոյեանութեան տիտղոսը: Երկու խումբերն ալ բնականաբար բարձրացան Ա. դասակարգ, մինչ Շեպիպեթ Մազրաա (11-րդ) եւ Ռիատա Ուալ Ատապ (12-րդ) փոխադրուեցան Գ. դասակարգ: Ինչ կը...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմը` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով եւ շատ լաւ խաղաոճ մը ցուցադրելով 5-2 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Մուաուատ խումբին: Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ: ՀՄԸՄ-էն հեթրիքի հեղինակ հանդիսացաւ Ժատ Իպրահիմ, մինչ Ապպաս Սաատէ նշանակեց 2 կոլ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Յաղթեց Թատամոնին` Առանց Սթոկլինի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Յաղթեց Թատամոնին` Առանց Սթոկլինի

Թատամոն - Սաժես երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Թատամոնը եւ Սաժեսը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 90-77 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաժես բարձրացաւ 7-րդ դիրք, մինչ Թատամոն դիրք մը նահանջեց եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը: Սաժես իր այս յաղթանակը արձանագրեց առանց իր հիմնական մարզիկին` Թերել Սթոկլինի, որ ըստ տեղական...

Կռփամարտ. Յովհաննէս Դանիէլեան` Արծաթէ Մետալակիր

Գերմանական Հալ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «Քեմըսթրի-Քափ-2017»-ի կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դանիէլեան տիրացաւ արծաթ մետալի: Աւարտականին ան պարտուեցաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր էքուատորցի կռփամարտիկէն: Յայտնենք, որ ան իր պայքարը սկսաւ կիսաւարտականէն եւ յաղթանակ տօնելով: Հայաստանի միւս 2 ներկայացուցիչները` Գոռ Երիցեան (69 քկ) եւ Վազգէն Շահվերդեան (81 քկ), պարտութիւն կրեցին քառորդ աւարտականին:

28 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 21-24 մարտին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ փորձեր պիտի կատարէ, իսկ հաւաքին վերջին օրը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Գանձասար - Կապանի դէմ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան այս հաւաքին համար նկատի առաւ հետեւեալ 28 ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Հենրի Աւագեան, Սուրէն Ալոյեան (Բանանց), Մարք Գրիգորեան (Սթատլօ, Աւստրիա) եւ Վարդան Շահատունի (Փիւնիկ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Ռոպերթ Յակոբեան, Դաւիթ Տէրտէրեան (Փիւնիկ),...

Հայկական Ֆութպոլ. Գանձասար – Կապան Գիւմրիի Մէջ Յաղթեց Շիրակին. Ալաշկերտ Մնաց Առաջին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Գիւմրի Շիրակ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Գանձասար - Կապանէն, չկրցաւ օգտուիլ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ալաշկերտը շրջանցելու առիթէն: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին: Օրուան գլխաւոր իրաւարարը` Սուրէն Բալեան, տեղացող առատ ձիւնին պատճառով մրցումը 15 վայրկեանով ընդհատելէ ետք դարձեալ շարունակեց զայն: Այս յաղթանակէն ետք, երրորդ դիրքին վրայ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին 20 հազար փաունտ տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, որուն ֆութպոլիստները Չելսիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (բաժակի մրցաշարք), միջնապահ Անտեր Հերերայի ստացած կարմիր քարտէն ետք շրջապատած էին օրուան գլխաւոր իրաւարարը Մայքըլ Օլիվըրը եւ անոր հետ վիճաբանած: «Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ ընդունած է իր դէմ սահմանուած այդ տուգանքը:

Գերմանական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Նշանակեց 2 Կոլ

Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Շթայնպախ, որ հիւրընկալեց Հոֆընհայմ-2-ն, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու Սարգիս Ադամեան (23 տարեկան), այս մրցումին 2 կոլ նշանակելով (32-րդ եւ 89-րդ), այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն թիւը բարձրացուց 16-ի: Այժմ Շթայնպախ 53 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Պարագլուխի Դիրքը Գրաւող Բոլոր Խումբերն Ալ Յաղթանակ Արձանագրեցին Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Սկսելով Անգլիայէն յայտնենք, որ Չելսի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սթոք Սիթիին: Չելսի յաղթանակի իր կոլը նշանակեց մրցումին աւարտէն 3 վայրկեան առաջ` շնորհիւ Կերի Քահիլի: Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկները 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Միտըլզպորոյի, Մանչեսթըր Եունայթըտ բարձրացաւ 5-րդ դիրք` օգտուելով Արսենալի կրած...

Փոտոլսքիի Միջազգային Վերջին Մրցումը` Անգլիոյ Դէմ

Գերմանացի միջազգային յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ 22 մարտին պիտի լքէ իր միջազգային ասպարէզը, երբ Անգլիոյ դէմ կատարէ իր վերջին մրցումը: «Պիլտ» կը յայտնէ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տորթմունտի մէջ: 31 տարեկան Փոտոլսքի, որ 2004-ին իր նորամուտը նշեց Գերմանիոյ հետ 129 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ: Փոտոլսքի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ թրքական Կալաթասարային, 2014-ին Գերմանիոյ...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 18 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ազգային Հաւաքական

Արթուր Պետրոսեան Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան երէկ հրապարակեց անունները իր կազմին մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 26 մարտին Երեւանի մէջ Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարք): Նախապատրաստուելու համար այդ մրցումին` Հայաստանի հաւաքականը 20-26 մարտին հաւաք մը պիտի կատարէ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Ստորեւ` հաւաքականի կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան (Ալաշկերտ), Անաթոլի Այվազով (Շիրակ) եւ Գրիգոր Մելիքսէթեան (Գանձասար-Կապան): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Եւ Պարսելոնա – Վալենսիա

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումները պիտի ըլլան հետաքրքրական: Անոնց կարգին են` Մանչեսթըր Սիթի - Լիվըրփուլ եւ Պարսելոնա - Վալենսիա ճակատումները: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 29-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Ուեսթ Պրոմուիչ (8) - Արսենալ (5) 14:30 Քրիսթալ Փալաս (17) - Ուաթֆորտ (13) 17:00 Էվըրթըն (7) - Հալ Սիթի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Նասեր Պար Էլիաս

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 19 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Նասեր Պար Էլիասը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը: Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մուաուատ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Մուաուատ խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց խումբը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ . Այսօր Կը Սկսի 17-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Պիպլոս իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, իսկ Հուփս` Շանվիլը: Նշենք, որ 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, վաղը երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) Թատամոն կը հիւրընկալէ Սաժեսը:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ` Քառորդ Աւարտականին

Երէկ յետմիջօրէին Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերու քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին գծով բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումներ պիտի ըլլան Պայէրն Միւնիխ - Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս - Պարսելոնա մրցումները: Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Անտըրլեխթը (Պելճիքա): Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ» Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա) - Լայսթըր Սիթի (Անգլիա) Պորուսիա...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք, Կազոլ Եւ Ժոքիչ` «Թրիփըլ-Տապըլ»-ի Հեղինակներ

Նիքոլա Ժոքիչ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ երէկ տեղի ունեցան վեց մրցումներ, սակայն անոնցմէ երեքին ընթացքին երեք «թրիփըլ-տապըլ»-ներ իրագործուեցան: Օքլահոմա Սիթիի արձանագրած յաղթանակին ընթացքին, Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ (123-102) Ռասըլ Ուեսթպրուք իրագործեց իր 34-րդ «թրիփըլ-տապըլ»-ը (24 կէտ, 16 էսիսթ, 10 ռիպաունտ): Յայտնենք, որ տարեշրջանի մը ընթացքին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան «թրիփըլ տապըլ»-ի մրցանիշը կը պատկանի Օսքար Ռապըրթսընի, որ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հաղորդագրութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը պարզաբանեց, որ նախորդ քանի մը օրերուն լիբանանեան մամուլին մէջ շրջան ընող լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան: Ֆետերասիոնը նշեց, որ բոլոր ակումբները կը նկատուին իրարու համահաւասար, եւ անոնցմէ մէկնումէկը աւելիով չէ սիրուած իր կողմէ, որովհետեւ ինք կ՛աշխատի ի սպաս լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջխաղացքին, իսկ խումբերուն յաջողութիւնը իր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, եթէ ոչ` միակը: Նշուեցաւ, որ համաձայնութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Փայլուն Յաղթանակով Մը Աւարտեց Դարձի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս փայլուն յաղթանակով մը աւարտեց դարձի մրցումները` արձանագրելով 82-56 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-9, 21-14, 21-14 եւ 18-19): Նշենք, որ մրցումէն առաջ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՄԸՄ-ի անցեալի...

Page 997 of 1277 1 … 996 997 998 … 1,277

Արխիւներ