Գերմանացի միջազգային յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ 22 մարտին պիտի լքէ իր միջազգային ասպարէզը, երբ Անգլիոյ դէմ կատարէ իր վերջին մրցումը:
«Պիլտ» կը յայտնէ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տորթմունտի մէջ:
31 տարեկան Փոտոլսքի, որ 2004-ին իր նորամուտը նշեց Գերմանիոյ հետ 129 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ:
Փոտոլսքի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ թրքական Կալաթասարային, 2014-ին Գերմանիոյ հետ տիրացաւ Մոնտիալի տիտղոսին:



