Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Պիպլոս իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լուէյզին, իսկ Հուփս` Շանվիլը:
Նշենք, որ 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, վաղը երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) Թատամոն կը հիւրընկալէ Սաժեսը: