Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Շթայնպախ, որ հիւրընկալեց Հոֆընհայմ-2-ն, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու Սարգիս Ադամեան (23 տարեկան), այս մրցումին 2 կոլ նշանակելով (32-րդ եւ 89-րդ), այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն թիւը բարձրացուց 16-ի:
Այժմ Շթայնպախ 53 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:



