Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի վերջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Թատամոնը եւ Սաժեսը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 90-77 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաժես բարձրացաւ 7-րդ դիրք, մինչ Թատամոն դիրք մը նահանջեց եւ գրաւեց 8-րդ դիրքը:
Սաժես իր այս յաղթանակը արձանագրեց առանց իր հիմնական մարզիկին` Թերել Սթոկլինի, որ ըստ տեղական կարգ մը լրատու աղբիւրներու, խումբէն հեռացաւ եւ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, անձնական պատճառներով:
Սակայն այս ուղղութեամբ Սաժես պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարեց:
Սաժեսի մարզիկ Մայք Էֆիպրա երէկուան այս մրցումին հանդիսացաւ «Թրիփըլ-տապըլ»-ի հեղինակ (30 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Իսկ Թատամոնէն «տապըլ-տապըլ» մը իրագործեց Մորիս Քեմփ (24 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Սաժեսէն եւս «տապըլ-տապըլ» իրագործեցին Էնտրու Ատելեքէ (20 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Քալվին Կոտֆրի (17 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Նշենք, որ նախանցեալ օր 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Լուէյզին, արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը` 99-85 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Լուէյզիէն նշանակեց Կերոն Ճոնսըն (35 կէտ), մինչ անոր խմբակիցներ Թրէյվիս Մաքկի եւ Ուենտըլ Լուիս յաջորդաբար նշանակեցին 21 եւ 17 կէտ:
Իսկ Պիպլոսէն 26 կէտ նշանակեց Քլէյ Թաքըր, 23 կէտ` Ճէյ Եանկպլատ, իսկ 21 կէտ` Ալի Թրաորէ:
Ինչ կը վերաբերի Հուփս – Շանվիլ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 77-73 արդիւնքով:
Շանվիլէն Մարքէյթ Քամինկզ նշանակեց 21 կէտ, մինչ անոր խմբակից Փաթրիք Ռեմպըրթ` 17 կէտ, իսկ Պասել Պաուժի` 15 կէտ եւ 6 ռիպաունտ:
Հուփսէն Ալի Մըզհեր նշանակեց 23 կէտ: