Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին 20 հազար փաունտ տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, որուն ֆութպոլիստները Չելսիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (բաժակի մրցաշարք), միջնապահ Անտեր Հերերայի ստացած կարմիր քարտէն ետք շրջապատած էին օրուան գլխաւոր իրաւարարը Մայքըլ Օլիվըրը եւ անոր հետ վիճաբանած:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ ընդունած է իր դէմ սահմանուած այդ տուգանքը: