Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 19 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Նասեր Պար Էլիասը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ (Բ. խմբակ) իր կարգին իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 19 մարտի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, երբ Շարքի դաշտին վրայ կը մրցի Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: