Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Մուաուատ խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց խումբը: