Մարզական

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 18 Ֆութպոլիստներով Մեկնեցաւ Անթալիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը 18 ֆութպոլիստներով մեկնեցաւ Անթալիա (Թուրքիա)` հոն մասնակցութիւնը բերելու 23-28 մարտին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2016-2017 տարեշրջանի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Արտակ Օսէեանի գլխաւորած խումբին մրցակիցները պիտի ըլլան Գերմանիա (23 մարտ), Թուրքիա (25 մարտ) եւ Ֆինլանտա (28 մարտ): Ստորեւ հայրենի կազմին մարզիկները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Էրիք Մելիքսէթեան եւ Նարեկ...

«Ռետ Իկըլզ»-ի Համակիրները Դիմեցին Ոստիկանութեան

Հայաստան - Ղազախստան 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի նախօրեակին, «Ռետ Իկըլզ»-ի համակիրներու ակումբը դիմեց ոստիկանութեան` նկատի ունենալով, որ ակումբին դէմ սպառնալիքներ ուղղուած էին: Ակումբը իր կատարած գործունէութեան մասին ոստիկանութեան ներկայացուց տեղեկութիւններ եւ իր ստացած սպառնալիքները:

Ըմբշամարտի Օրէնքները Դարձեալ Պիտի Փոխուին

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը (UWW) քաշային կարգերը 8-էն պիտի աւելցնէ 10-ի: Իւրաքանչիւր քաշային կարգի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկու օրով, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը (armnoc.am): Քաշային կարգերու փոփոխութիւնը առ ի վաւերացում այս տարի պիտի ներկայացուի Փարիզի մէջ աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ տեղի ունենալիք «UWW»-ի համագումարին ընթացքին: Այդ երկու օրուան մրցումներու նոր դրութիւնը պիտի փորձուի այս տարի` պատանիներու Եւրոպայի...

Փիւնիկ Կը Գլխաւորէ Արդար Խաղի Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի չորրորդ շրջանի հանդիպումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, «Ֆեր Փլէյ»-ի (արդար խաղ) դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ Փիւնիկ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Փիւնիկի (8,09) ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Բանանց (8,02), ապա յաջորդաբար` Ալաշկերտ (7,89), Շիրակ (7,82), Արարատ (7,81) եւ Գանձասար-Կապան (7,71):

Ռոնալտօ` 2016 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ընտրուեցաւ Փորթուգալի 2016 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Տարուան լաւագոյն նորեկը ճանչցուեցաւ միջնապահ Ռենաթօ Սանչես, որ նախորդ ամրան Պենֆիքայէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ: Իսկ տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին արժանացաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆեռնանտօ Սանթոս:

Մեսսի «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյնը` Վերջին Ութ Տարեշրջաններուն

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վալենսիայի դէմ կատարուած յաղթական մրցումին (4-2) նշանակեց 2 կոլ: Ան այսպիսով քաթալոնական ակումբին հետ յաջողեցաւ 100-րդ տուպլէն իրագործել` տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին: Ատկէ բացի, Մեսսի հանդիսացաւ «Լա լիկա»-ի միակ ֆութպոլիստը, որ վերջին ութ տարեշրջաններէն իւրաքանչիւրին կը նշանակէ 40 կոլ եւ աւելի, եթէ նկատի առնուին անոր ակումբին մասնակցած բոլոր մրցաշարքերը:

23 Ապրիլին` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն

«Լա լիկա»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 23 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ սպասուած «Քլասիքօ»-ն Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ, առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ: Անոնց միջեւ տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, որ տեղի ունեցաւ նախորդ 3 դեկտեմբերին, «Քամփ Նու»-ի մէջ, աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Ներկայ դրութեամբ Պարսելոնա կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 63 կէտ: Իսկ Ռէալ Մատրիտ, որ մրցում մը...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Կէտի Մը Տարբերութեամբ Յաղթական. Հարտեն Նշանակեց 39 Կէտ

Ճէյմս Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ: Օրլանտօ Մեճիք, որ հիւրընկալեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը, երկարաձգումէն ետք երեք կէտի տարբերութեամբ 112-109 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հիուսթըն Ռոքեթց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 125-124 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 39 կէտ: Թէեւ Կորտըն Հէյուըրտ նշանակեց 38 կէտ, բայց անոր կազմը` Եութա...

Ղանայի Իրաւարար Ժոզեֆ Լեմփթի Ցմահ Կախակայուեցաւ

ՖԻՖԱ-ի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ղանացի իրաւարար Ժոզեֆ Լեմփթի ցմահ կախակայուեցաւ` մրցումի մը արդիւնքին հետ խաղացած ըլլալուն պատճառով: Յայտարարուեցաւ, որ ան յանցաւոր գտնուեցաւ նախորդ դեկտեմբերին տեղի ունեցած Հարաւային Ափրիկէ - Սենեկալ մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտում, ափրիկեան գօտի), որ վերջ գտաւ առաջինին յաղթանակով (2-1): ՖԻՖԱ-ն իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ ան անարդարօրէն փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Հարաւային...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Դարձի Վերջին 8 Մրցումներուն Յայտագիրը

Յառաջիկայ կիրակի, 26 մարտին կ՛աւարտին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները, որոնցմէ ետք առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի մասնակցին ֆայնըլ-էյթ-ի մրցումներուն: Ախոյեանութեան (երթուդարձի) աւարտին մնացած են միայն 8 մրցումներ, երեքը` 17-րդ հանգրուան, իսկ հինգը` 18-րդ հանգրուան: Ստորեւ` այդ մրցումներուն յայտագիրը. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մէյրուպա - Թատամոն 20:30 Ֆուատ Շեհապ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 23 ՄԱՐՏ. Սաժես...

Քոնկ Ֆու. Հայ Մարզիկները Աւարտականին Յաղթեցին Ազերիներուն

Հայաստանի քոնկ ֆուի հաւաքականը 11 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի տիրացաւ Թիֆլիսի (Վրաստան) մէջ տեղի ունեցած Եւրօ-ասիա բաժակի մրցաշարքին սանտայի մրցումներուն: 57 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Գասպարեան (17-19 տարեկան) եւ Վարդան Աբրահամեան (15-17 տարեկան) աւարտականին յաղթեցին իրենց ազերի մրցակիցներուն, կը յայտնէ Sports.news.am-ը: Այս մրցաշարքին Հայաստան մասնակցեցաւ 13 մարզիկով: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ փաքիստանցի, ուզպեք, ռուս եւ ազերի մարզիկներ:  

Քարաթէ. Ոսկի Եւ Արծաթ Մետալ` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ սկսաւ Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութիւնը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանէն 15 մարզիկ-մարզիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին նախագահ` Անդրանիկ Յակոբեանին: Գէորգ Գէորգեան Հայաստանի ապահովեց ոսկի մետալ մը, մինչ Յովհաննէս Կալբուխեան, տիրացաւ արծաթ մետալի:  

Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 2 Մետալի

Ռումանիոյ Պրայլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկաններու ախոյեանութեան Հայաստան տիրացաւ 2 մետալի: Կիսաւարտական հասած Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (91 քկ), պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, տիրացան պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան Հայաստան կը մասնակցի 7 մարզիկով:

Ըստ Տէյլի Մէյլի. Մխիթարեան Միտըլզպորոյի Դէմ Մրցումէն Բացակայեցաւ Վիրաւոր Ըլլալուն Պատճառով

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին Միտըլզպորոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն (Փրեմիեր լիկ-29-րդ) բացակայեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Այս մասին կը յայտնէ Տէյլի Մէյլը: Թէեւ Մխիթարեան որպէս պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, բայց նկատի չառնուեցաւ իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ: Այս մէկը, սակայն, անգլիական անուանի պարբերաթերթին վարկածով է եւ ոչ թէ Եունայթըտի, որ Մխիթարեանի վիրաւոր ըլլալուն մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարեց:...

Ճատրակ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականները Պիտի Չմասնակցին Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութեան

16-28 յունիսին Խանթի Մանսիսքի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնները պիտի կատարուին առանց Հայաստանի հաւաքականներուն: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահի տեղեկալ Աշոտ Վարդապետեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին կայքին յայտնեց, որ թէ տղոց, եւ թէ աղջկանց հաւաքականները այդ ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ձեռք չեն ձգած: «Աշխարհի խմբային ախոյեանութեան կը մասնակցին 10-ական խումբեր. ցամաքամասերու ախոյեանները, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային...

Իտալական Ֆութպոլ. Պիւֆոնի Նոր Մրցանիշը` Եուվենթուսի Հետ

Ճիանլուիճի Պիւֆոն Եուվենթուսի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն նախորդ շաբաթավերջին Սամտորայի դէմ տեղի ունեցած Քալչիոյի 29-րդ հանգրուանի մրցումին իր ակումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Այս մասին հաղորդեց «Կազեթթա Տելլօ Սփորթ»: Այս մրցումին 65-րդ վայրկեանին 39 տարեկան Պիւֆոն դարձաւ Եուվենթուսի կազմին հետ ամէնէն շատ վայրկեաններ կատարած մրցումը` 39,704 վայրկեան: Այսպիսով ան գերազանցեց Ճիամփիերօ Պոնիփերթիի հաստատած մրցանիշը` 39,680 վայրկեան: Նշենք, որ իտալացի...

«Էն. Պի. Էյ.».  Փլէյ-Օֆի Տոմսը Ապահովող Խումբերուն Թիւը Բարձրացաւ 4-ի

«Էն. Պի. Էյ.». Փլէյ-Օֆի Տոմսը Ապահովող Խումբերուն Թիւը Բարձրացաւ 4-ի

Քիրի Ըրվինկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ: Բաւական տաք ճակատումէ մը ետք, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 125-120 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին` Քլիվլենտ Քաւալիրզի դիմաց: Մինչ Քաւալիրզ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը, անդին պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Լէյքըրզի փլէյ-օֆի մրցումներէն դուրս մնալը: Քլիվլենտէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 46 կէտ, մինչ Տ՛անճելօ Ռասըլ (Լէյքըրզ)` 40 կէտ: Փլէյ-օֆի մրցումներուն իր...

Եունայթըտի 600-րդ Յաղթանակը

Նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Եունայթըտ, 29-րդ հանգրուանի իր մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Միտըլզպորոյի դէմ: Այս յաղթանակով Մանչեսթըր Եունայթըտ յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել, որովհետեւ անիկա Փրեմիեր լիկ-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ կ՛արձանագրէ իր 600-րդ յաղթանակը: 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արսենալ (517), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Չելսի (508):

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերերի 90-րդ Տիտղոսը

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Ինտիըն Ուելզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան աւարտականի ճակատումները: 9-րդ դասուած Ռոժէ Ֆետերեր տիրացաւ արհեստավարժ ասպարէզին մէջ իր 90-րդ տիտղոսին, երբ աւարտականի մրցումին յաղթեց զուիցերիացի իր ազգակիցին` Սթանիսլաւ Վավրինքային (3-րդ), 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով: Նշենք, որ 35 տարեկան Ֆետերեր, կիսաւարտականին 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Ճէք Սոքի (Մ. Նահանգներ, 17-րդ), մինչ Վավրինքա, սպանացի Փապլօ Քարենոյի (21-րդ)`...

Լեֆքարիթիս Պիտի Հեռանայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ, 70 տարեկան Մարիոս Լեֆքարիթիս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի լքէ իր պաշտօնը: Նշենք, որ ան նախապէս եղած է Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ: Լեֆքարիթիս, որ 21 տարիէ ի վեր այս մարզին մէջ է, յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընտրութիւններուն: Ան այս մասին տեղեակ պահեց 55 երկիրներու ֆետերասիոններ` անոնց յղած նամակով մը:

Page 996 of 1277 1 … 995 996 997 … 1,277

Արխիւներ