Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս փայլուն յաղթանակով մը աւարտեց դարձի մրցումները` արձանագրելով 82-56 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-9, 21-14, 21-14 եւ 18-19):
Նշենք, որ մրցումէն առաջ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՄԸՄ-ի անցեալի պասքեթպոլի աստղ Հրայր Թապաքեանի:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ախոյեանի 82 կէտերը նշանակեցին` Ժիւըլ Թանսթալ (22), Սանտրա Նաժըմ (17), Լէյլա Ֆարես (15), Ֆարահ Հարաքէ (11), Այտա Պախոս (9), Մեղրի Թորոսեան, Ճոյս Սալիպա, Քաթերին Հաժ եւ Մակի Զաքարեան (2-ական):
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ շուտով պիտի հրապարակուի յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: