Մարզական

Ճատրակ.  Կիրակի, 30 Ապրիլին` Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը

Ճատրակ. Կիրակի, 30 Ապրիլին` Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 30 ապրիլին, Լիբանանեան միջազգային համալսարանին մէջ` Պեքաա - Խիարա, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի արագ ճատրակի 2017-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը: Իւրաքանչիւր վարժարան իրաւունք ունի ուզածին չափ մասնակցող ունենալու, պայմանով սակայն, որ աշակերտ մը տարբեր դասակարգի ախոյեանութեան չմասնակցի, այլ` միայն իր դասակարգին մաս կազմէ: Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. 8 տարեկանէն վար (2009-ի ծնունդ եւ վեր)...

Փինկ Փոնկ.  Աւարտական Հանգրուան Հասնող 8 Խումբերը Յստակացան

Փինկ Փոնկ. Աւարտական Հանգրուան Հասնող 8 Խումբերը Յստակացան

Հինգշաբթի, 20 եւ ուրբաթ, 21 ապրիլին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին` աւարտական հանգրուանի մրցումները, մասնակցութեամբ 8 խումբերու, Լիբանանի բոլոր նահանգներէն: Այդ 8 խումբերն են` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Անդրանիկ Անթիլիաս, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա (Լեռնալիբանան), 1875 (Պէյրութ), Շարիթիէ Տար Նուր (հիւսիսային Լիբանան), Քամետ Լոզ Ռիատի Սաքաֆի - Իժթիմահի (Պեքաա),...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի վերջին երկու մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր, առաջինը` Սպանիոյ, իսկ երկրորդը` Ֆրանսայի մէջ: Պարսելոնա, որ երթին Իտալիոյ մէջ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Եուվենթուսէն, պէտք ունէր 4-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար: Սակայն Լուիս Էնրիքէի տղաքը չյաջողեցան ցնցել Ճիանլուիճի Պիւֆոնի բերդին ուռկանը, եւ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ` աւելի քան 96...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լուէյզի – Մութթահետ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Առաջին մրցումին Լուէյզի թէեւ տասը կէտի տարբերութեամբ (70-60) պարտուեցաւ Թրիփոլիի մէջ, բայց եւ այնպէս յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ եւ լաւ ելոյթ մը ունենալ: Նշենք, որ այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Իրաք` 68-56

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թեհրանի մէջ (Իրան) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը եւ 68-56 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին (19-15, 30-35, 54-46 եւ 68-56): Այսօր, ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Յորդանանի դէմ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգ ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն, Այնթուրա 80-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամշիթին, մնաց Բ. դասակարգին մէջ, մինչ վերջինս փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ: Այնթուրայի յաղթանակը կերտողներէն մէկը հանդիսացաւ Ժատ Նըմըր, որ նշանակեց 14 կէտ, 8 ռիպաունտ, 12 էսիսթ եւ 10 սթիլ: Թէեւ առաջին քորթըրին Այնթուրա 6 կէտով ուշացած էր, բայց արդիւնքը փոխուեցաւ, եւ ժիպէյլեան խումբը ինք եղաւ պարտուողը եւ Գ....

Մոթորսայքլինկ. «Էյ. Էն. Պի.» Մոթորսայքլինկ Ակումբին 5-րդ Տարեդարձը

«Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին «Էյ. Էն. Պի.» մոթորսայքլինկի ակումբը տօնեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը` ներկայութեամբ բազմաթիւ մոթորսիքլեթ քշողներու, որոնք տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս, տիտղոսներու եւ մրցանակներու տիրացած էին: Երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ 2017-ի Տաքարի ախոյեան Սեմ Սանտըրլենտ: Այս առիթով ցուցադրուեցան 10 տարբեր տեսակի մոթորսիքլեթներ, որոնք այս տարեշրջանին շուկայ պիտի իջնեն: «Էյ....

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, հրապարակեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՈՒՐԲԱԹ, 21 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շապապ Սահել - Ախա Ահլի Ալէյ 16:30 Ահտ Իժթիմահի - Թրիփոլի 16:30 Թրիփոլի ՇԱԲԱԹ, 22 ԱՊՐԻԼ     Նըժմէ - Սալամ Զղարթա 15:30 Պհամտուն Թատամոն Սուր - Ռասինկ 15:30 Սուր...

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Էլինա Դանիէլեան` Յառաջատարներու Շարքին

Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Էլինա Դանիէլեան եւ Մարիա Գէորգեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Գալոյեան` հաւասարութիւններ: Այժմ հայ ճատրակ խաղացողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է Էլինա Դանիէլեան, որ ապահովելով 5,5 կէտ, կը բաժնէ 1-4-րդ դիրքերը: Լիլիթ Մկրտչեան ունի 4 կէտ, մինչ Գէորգեան եւ Գալոյեան` 3,5-ական կէտ:

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Անտըրլեխթ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ կը հիւրընկալէ Անտըրլեխթը: Երթի մրցումին, որ աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին կոլը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները).   ԺԱՄ Պեշիքթաշ - Լիոն (1-2) 22:05 Կենք -...

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Պուլզ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սելթիքսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Շիքակօ Պուլզ 111-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Պոսթըն Սելթիքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 22 կէտ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Միլուոքի Պաքսէն, երկրորդին 106-100 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1): Տեմար Տերոզան (Ռեփթըրզ)...

Նէօյըր 8 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ նախանցեալ օր Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, 8 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ակումբի նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Շանվիլը` 25 Կէտի Առաւելութեամբ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով (84-59)

Երկուշաբթի, 17 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումները, երբ կատարուեցան երկու ճակատումներ: ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը` 25 կէտի առաւելութեամբ 84-59 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց (20-15, 40-26, 64-41 եւ 84-59): Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ունեցաւ նաեւ 26 կէտի առաւելութիւն մը (82-56): ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ Շիահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 45-91

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը` Շեպիպէ Շիահի դէմ (Բ. խմբակ), արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, 91-45 արդիւնքով (10-25, 13-22, 14-26 եւ 8-18): Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Այտա Պախոս (25), Սանտրա Նաժըմ (12), Ֆարահ Հարաքէ (8), Թաքլա Քամել (9), Մեղրի Թորոսեան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Լայսթըր Սիթի Դուրս Մնացին

Այսօր` Պարսելոնա - Եուվենթուս Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի երկու մրցումներ: Ռէալ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, երկարաձգումէն ետք 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հեթրիք մը իրագործեց (76-րդ, 105-րդ եւ 110-րդ): Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, թէեւ Լայսթըր Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն...

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլին. Շահէ Երեւանեան Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը` «Ֆինիքս-2» Մուայ Թայ Մրցաշարքին Մասին

«Ֆինիքս Ֆայթինկ չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան հինգշաբթի, 20 ապրիլին «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ շաբաթ, 29 ապրիլին տեղի ունենալիք «Ֆինիքս-2» Մուայ Թայ մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնին:  

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց Կրտսերներու Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Թեհրան

19-23 ապրիլին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին Լիբանան, Իրան, Իրաք, Յորդանան եւ Սուրիա: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Իրան: Պատուիրակութեան նախագահն է Սելիմ Ֆաուալ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կարգ մը անդամները օդակայանին մէջ խումբին մաղթեցին յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան կ՛ապահովէ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը:...

Ճատրակ. Կրենքէի Մրցաշարք. Արոնեան Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ 2 Հաւասարութիւն

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ-չես-Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն արձանագրեց յաղթանակ մը եւ 2 հաւասարութիւն: Արոնեան բացման մրցումին ճերմակ քարերով իր հաւասարութիւնը արձանագրեց գերմանացի Կէորկ Մայըրի հետ` 41-րդ շարժումին: 2-րդ հանգրուանին Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան  Մակնիւս Քարլսընի հետ, 70-րդ շարժումին արձանագրեց այլ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Պրայթըն Բարձրացաւ Բարձրագոյն Դասակարգ

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, Պրայթըն յաջողեցաւ ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուիկընին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա ունեցաւ 92 կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւող Նիւքասըլ 7 կէտով ետ կը մնայ անկէ, մինչ 3-րդ դիրքին վայ գտնուող Ռիտինկ` 13 կէտով: Այսպիսով, 34 տարուան բացակայութենէ ետք, Պրայթըն կը վերադառնայ բարձրագոյն դասակարգ:...

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Յաղթական` Պահրէյնի Մէջ

Սեպասթիան Վեթել «Ֆորմիւլա-1»-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան 3-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Պահրէյնի մէջ աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթելի յաղթանակով: Ան արձանագրեց 1 ժամ 33' 53" արդիւնք մը: Այսպիսով, ան երկրորդ կրան փրին ըլլալով գրաւեց առաջին դիրքը. առաջինը` Չինաստանի մէջ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին «Մերսետես»-ի երկու վարորդները` Լուիս Հեմիլթըն (6" ուշ) եւ Վալթերի...

Page 986 of 1277 1 … 985 986 987 … 1,277

Արխիւներ