Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 30 ապրիլին, Լիբանանեան միջազգային համալսարանին մէջ` Պեքաա – Խիարա, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի արագ ճատրակի 2017-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը:
Իւրաքանչիւր վարժարան իրաւունք ունի ուզածին չափ մասնակցող ունենալու, պայմանով սակայն, որ աշակերտ մը տարբեր դասակարգի ախոյեանութեան չմասնակցի, այլ` միայն իր դասակարգին մաս կազմէ:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները.
8 տարեկանէն վար (2009-ի ծնունդ եւ վեր)
10 տարեկանէն վար (2007-2008)
12 տարեկանէն վար (2005-2006)
14 տարեկանէն վար (2003-2004)
16 տարեկանէն վար (2001-2002)
18 տարեկանէն վար (1999-2000)
Ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ 6 հանգրուանով:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 26 ապրիլի երեկոյեան ժամը 19:00-ը:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկի:
Աշակերտները պարտին իրենց հետ բերել իրենց ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ:
Արձանագրութիւններուն համար պէտք է կապուիլ հեռաձայնի հետեւեալ թիւերէն որեւէ մէկուն`
71-288337, 03-955700, 03-771795, կամ ե-նամակի հետեւեալ հասցէին` www.lebanesechessfederation.com