Էն. Պի. Էյ.»-ի Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Քաւալիրզ Եւ Սփըրզ 2-0 Արդիւնքով Յառաջացան Իրենց Մրցակիցներուն Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները: Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որոնք կատարեցին երկուքական մրցում, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ 2-0 արդիւնքով յառաջացան իրենց մրցակիցներուն` Ինտիանա Փէյսըրզի եւ Մեմֆիս Կրիզլիզի վրայ: Քաւալիրզի առաջին յաղթանակին ընթացքին Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ, մինչ երկրորդին Քիրի Ըրվինկ` 37 կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթցի մաս կազմող Ճէյմս Հարտեն, Օքլահոմա Սիթիի դէմ արձանագրուած...






