19-23 ապրիլին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց կրտսերներու 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին Լիբանան, Իրան, Իրաք, Յորդանան եւ Սուրիա:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Իրան:
Պատուիրակութեան նախագահն է Սելիմ Ֆաուալ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կարգ մը անդամները օդակայանին մէջ խումբին մաղթեցին յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան կ՛ապահովէ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Նշենք, որ այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 14:30-ին, Լիբանան կը կատարէ իր առաջին մրցումը` մրցելով Իրաքի դէմ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ այս ախոյեանութեան աւարտին առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:



