Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Էլինա Դանիէլեան եւ Մարիա Գէորգեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Լիլիթ Գալոյեան` հաւասարութիւններ:
Այժմ հայ ճատրակ խաղացողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է Էլինա Դանիէլեան, որ ապահովելով 5,5 կէտ, կը բաժնէ 1-4-րդ դիրքերը:
Լիլիթ Մկրտչեան ունի 4 կէտ, մինչ Գէորգեան եւ Գալոյեան` 3,5-ական կէտ: