Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Առաջին մրցումին Լուէյզի թէեւ տասը կէտի տարբերութեամբ (70-60) պարտուեցաւ Թրիփոլիի մէջ, բայց եւ այնպէս յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ եւ լաւ ելոյթ մը ունենալ:
Նշենք, որ այսօրուան այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:


