Այսօր` Պարսելոնա - Եուվենթուս
Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի երկու մրցումներ:
Ռէալ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, երկարաձգումէն ետք 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հեթրիք մը իրագործեց (76-րդ, 105-րդ եւ 110-րդ):
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, թէեւ Լայսթըր Սիթի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, բայց դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին Սպանիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Այսօր Պարսելոնա բաւական դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Եուվենթուսը: Երթին Եուվենթուս իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ այլ մրցում մըն ալ, երբ Մոնաքօ հիւրընկալէ Պորուսիա Տորթմունտը:
Երթին Մոնաքօ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: