«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Շիքակօ Պուլզ 111-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Պոսթըն Սելթիքսը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 22 կէտ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր Միլուոքի Պաքսէն, երկրորդին 106-100 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը հաւասարեցուց (1-1):
Տեմար Տերոզան (Ռեփթըրզ) նշանակեց 23 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ ճակատումին Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 99-91 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզին:
Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Այսօրուան մրցումները տեղի կ՛ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Աթլանթա Հոքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Օքլահոմա Սիթի
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ