«Ֆինիքս Ֆայթինկ չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան հինգշաբթի, 20 ապրիլին «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ շաբաթ, 29 ապրիլին տեղի ունենալիք «Ֆինիքս-2» Մուայ Թայ մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնին: