Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, Պրայթըն յաջողեցաւ ապահովել բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուիկընին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա ունեցաւ 92 կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւող Նիւքասըլ 7 կէտով ետ կը մնայ անկէ, մինչ 3-րդ դիրքին վայ գտնուող Ռիտինկ` 13 կէտով:
Այսպիսով, 34 տարուան բացակայութենէ ետք, Պրայթըն կը վերադառնայ բարձրագոյն դասակարգ:



