Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Կրենքէ-չես-Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն արձանագրեց յաղթանակ մը եւ 2 հաւասարութիւն:
Արոնեան բացման մրցումին ճերմակ քարերով իր հաւասարութիւնը արձանագրեց գերմանացի Կէորկ Մայըրի հետ` 41-րդ շարժումին:
2-րդ հանգրուանին Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի հետ, 70-րդ շարժումին արձանագրեց այլ հաւասարութիւն մը:
Սակայն 3-րդ հանգրուանին, Արոնեան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, երբ ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւը` 42-րդ շարժումին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին Ա. հանգրուանը (15-17 ապրիլ) տեղի ունեցաւ Քարլսրուհէի մէջ, մինչ Բ. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Պատեն-Պատենի մէջ (19-22 ապրիլ):
Երէկ հանգիստի օր էր:



