«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի վերջին երկու մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր, առաջինը` Սպանիոյ, իսկ երկրորդը` Ֆրանսայի մէջ:
Պարսելոնա, որ երթին Իտալիոյ մէջ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Եուվենթուսէն, պէտք ունէր 4-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար:
Սակայն Լուիս Էնրիքէի տղաքը չյաջողեցան ցնցել Ճիանլուիճի Պիւֆոնի բերդին ուռկանը, եւ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ` աւելի քան 96 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այսպիսով, Պարսելոնա հրաժեշտ տուաւ այս մրցաշարքին:
Ռէալ Մատրիտի, Եուվենթուսի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Մոնաքօ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պորուսիա Տորթմունտը` իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Երթին Մոնաքօ արձանագրած էր 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: