Աթլեթիքօ Մատրիտի Ֆրանսայի յառաջապահ Անթուան Կրիզման եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ գրեթէ համաձայնեցան` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու: Այս լուրը կը հաղորդէ «Տը սան»-ը:
Կը նշուի, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստին շաբաթական աշխատավարձքը պիտի ըլլայ 280 հազար փաունտ:
Թէեւ ան մինչեւ 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է սպանական ակումբին հետ, բայց անոր հրաժարագինը կը կազմէ 89 միլիոն փաունտ:
Ան այս տարեշրջանին Աթլեթիքոյի հետ կատարած 49 մրցումի ընթացքին նշանակեց 25 կոլ եւ կատարեց 11 կոլի փոխանցում: