
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց կիսաւարտական հանգրուանի (Ֆայնըլ-ֆոր) մրցումներուն նախօրեակին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր կազմը օժտեց նոր օտարականով Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ազգային խումբի մարզիկ Անճել Մաքքուկթրիով:
30 տարեկան Մաքքուկթրի, որուն հասակն է 1 մեթր 85 սանթիմեթր, կը նկատուի բաւական յաջող մարզիկ մը` նկատի ունենալով, որ ան Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ազգային խումբին հետ տիրացած է ողիմպիական երկու ոսկի մետալի` Լոնտոնի եւ Ռիոյի մէջ: Ան նաեւ 2 անգամ` 2010-ին եւ 2014-ին հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ 2015-ին աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իւրաքանչիւր մրցումի անոր նշանակած կէտերուն հաշիւը կը հասնի 20,1 կէտի:
Պաշտպանելու համար ախոյեանութեան իր տիտղոսը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր ամէն կարելին պիտի ընէ կիսաւարտականին եւ աւարտականին շռնդալից յաղթանակներ արձանագրելու: