Մարզական

Վաչէ Ծատուրեան Անդամ` Հեծելարշաւի Արաբական Ֆետերասիոնին

Կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, Քազապլանքայի մէջ (Մարոք) տեղի ունեցաւ Հեծելարշաւի արաբական ֆետերասիոնի ընդհանուր ժողովը, որուն աւարտին ընտրուեցաւ յառաջիկայ 4 տարիներու (2017-2021) գործադիր մարմինը` նախագահութեամբ շէյխ Ֆայսալ Պըն Հըմէյտ Ալ Քասիմիի (Արաբական Միացեալ  էմիրութիւններ), որ կը պահէ իր պաշտօնը 1997-էն ի վեր: Արաբական ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ ընտրուեցաւ Ափրիկեան ֆետերասիոնի նախագահ եւ Միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ տոքթ. Մոհամետ Ուաժիհ Ազզամ (Եգիպտոս), իսկ երկրորդ...

Լիբանանեան Պասքեթոպլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս- Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին,տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցող մրցումները կը կատարուին չէզոք դաշտերու վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի...

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Այսօր Կրնայ Գերազանցել Ռոնալտոյի, Ռունիի Եւ Քայթի Մրցանիշը

«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:05-ին (ՊԷյրութի ժամանակացոյցով), Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրը պիտի ըլլայ Սելթա Վիկոյին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուած է, այսօր կրնայ եւրոպական մրցանիշ մը հաստատել եւ բնականաբար պատմութիւն կերտել, եթէ կոլ նշանակէ սպանական ակումբին բերդին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ Առաջին Մրցումը Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, այս շաբաթասկիզբին հրապարակեց Լիբանանի  պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն յայտագիրը: Ռիատի Պէյրութ իրեն մրցակից ունի Շեպիպէ Շիահը, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Անդրանիկ Պէյրութը: Ուրբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ռիատի իր դաշտին Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ Շեպիպէն, մինչ շաբաթ, 6 մայիսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Անդրանիկ Պէյրութ հիւրը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն առաջին երեք ճակատումներուն յայտագիրը: Ուրբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մանարայի մէջ Ռիատի կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Անոնց միջեւ երկորրդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 մայիսին երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ժիպէյլի մէջ: ՀՄԸՄ-Մութահետ առաջին ճակատումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Նարեկ Սիրունեան Եւ Գէորգի Կեթոյեւ Պարտուեցան Եւ Լքեցին Պայքարը

Սերպիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան երկրորդ օրը` երէկ, մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 2 ներկայացուցիչներ Նարեկ Սիրունեան (65 քկ) եւ Գէորգի Կեթոյեւ (97 քկ.): Նարեկ Սիրունեան, որ իր պայքարը սկսաւ զտումի մրցաշարքէն, 11-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գերմանացի Ալեքսանտր Սեմիսորովէն: Իր կարգին, Գէորգի Կեթոյեւ սկսաւ զտումի մրցաշարքէն եւ 10-0 արդիւնքով յաղթեց պելճիքացի Թարիք Ազուցիի: Սակայն 1-16-րդ հանգրուանին ան...

Ճատրակ. Հայաստանի Խումբը` Աշխարհի Փոխախոյեան

Լուսանկարը` chessfed.am Հայաստանի ճատրակի վեթերաններու հաւաքականը (50 տարեկան եւ վեր) հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան: Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 18 կէտ ապահովելով տիտղոսակիր հանդիսացաւ Ս. Փեթերսպուրկի խումբը: Հայաստանի հաւաքականը, որուն հետ ելոյթ ունեցան Ռաֆայէլ Վահանեան, Արտաշէս Մինասեան, Նորայր Քալանթարեան, Սերկէյ Գալդունց եւ Կարէն Մովսիսեան 15 կէտով հանդիսացաւ փոխախոյեան: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Անգլիա` 14 կէտով,...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Եւ Սերկէյ Մովսիսեան Պատենի Խումբին Հետ Դարձան Գերմանիոյ Ախոյեան

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի կրնատմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան Պատենի խումբին հետ դարձան Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբներու ախոյեան: 16 ակումբներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Պատեն արձանագրելով 15 յաղթանակ եւ ապահովելով 30 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը: Հրանդ Մելքումեան Պերլինի խումբին հետ գրաւեց 10-րդ դիրքը: Յայտնենք, որ «Պունտըսլիկա»-ն սկսաւ հոկտեմբեր 2016-ին:

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Երեւան-Շիրակ Գիւմրի Մրցումը 24 Մայիսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 24 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 2016-2017 տարերջանի աւարտականի ճակատումը` Փիւնիկ Երեւանի եւ Շիրակ Գիւմրիի միջեւ: Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 10 մայիսին, սակայն նկատի ունենալով, որ երկու կազմերէն ընդգրկուած են ֆութպոլիստներ, որոնք...

«Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆ. Սելթիքս 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ուիզըրտծը

Իսայահ Թոմաս «էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի կիսաւարտականի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Պոսթըն Սելթիքս, որ հիւրընկալեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, երկարաձգումէն ետք 129-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունեցաւ անոր նկատմամբ: Սելթիքս առաջին մրցումին 123-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Երէկուան այս մրցումին Իսայահ Թոմաս կերտեց իր կազմին յաղթանակը` նշանակելով 53 կէտ: Անոր խմբակից Ալ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մոնաքօ-Եուվենթուս` 0-2

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի երկորրդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, աւարտեցաւ Եուվենթուսի յաղթանակով: Վերջինս Ֆրանսայէն 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ` Կոնզալօ Հիկուայինի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ (29-րդ եւ 59-րդ) յաղթելէ ետք Մոնաքոյի:

Ուու Շուի Մրցաշարք` Հայաստանի Մէջ. Լիբանանցի Մարզիկները Տիրացան 4 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանէն երեք մարզիկներ` Վիգէն Տեմիրճեան, Աւօ Մանճեան եւ Քրիսթոֆըր Ժեմայել, Հայաստանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուու Շուի միջազգային մրցաշարքի մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին: Անոնց կ՛ընկերանար Ուու շուի միջազգային մրցումներու հսկող, իրաւարար եւ մարզիչ Աւետիս Սերոբեան: Լիբանանցի մարզիկները, մասնակցելով 6 տարբեր տեսակի մրցումներու, արձանագրեցին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: Տեմիրճեան տիրացաւ 2 ոսկի մետալի, Մանճեան` 1 ոսկի եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Մութթահետ Եւ Ռիատի -Պիպլոս Կիսաւարտականի Ճակատումները

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Թրիփոլիի Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մութթահետ Լուէյզի ճակատագրական հինգերորդ ճակատումը: Մրցումը ճակատագրական էր որովհետեւ յաղթական խումբը պիտի ապահովէր ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն (կիսաւարտական) իր տոմսը: Հիւրընկալ կազմը 78-62 արդիւնքով (18-12, 32-29, 56-46 եւ 78-62) յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Ան կիսաւարտականին իր դէմ պիտի...

Պոքա Ժունիորզ Յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Արսենալ Սարանթիի դէմ տեղի ունեցած Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումէն առաջ, Պոքա Ժունիորզ յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Երկուշաբթի, 1 մայիսին, Պոքա Ժունիորզի մարզիկները բռնած էին մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր, «Եկէ՛ք, բոլորս յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Նշենք, որ նախապէս այլ առիթով Պոքա Ժունիորզ նոյնպէս առած էր այսպիսի քայլ մը: Իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (3-0), Պոքա Ժունիորզ կը...

«Սրտագին Վազք» Ռաշայայի Մէջ

Կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, Ռաշայայի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 21 քմ կէս Մարաթոնի վազքի մրցում մը: Մարաթոնին նշանաբանն էր «Սրտագին վազենք սրտէ ի սիրտ»: Սոյն մարաթոնին կը մասնակցէին 3000-է աւելի երկսեռ մարզիկներ` դպրոցներէ եւ մարզական ակումբներէ: ՀՄԸՄ Այնճար եւս մասնակցեցաւ Պեքաայի քաղաքապետներն ու գիւղապետները, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ զինուորականներ, ինչպէս նախկին  նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ, զօր. Հաժ Ղալի Հասան եւ...

Մուայ Թայ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

3-12 մայիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի կ՛ունենայ Մուայ Թայի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը այս առնչութեամբ մէջբերեց Հայաստանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Արտակ Իրուտեանի հետեւեալ խօսքերը. «Աշխարհի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին չորս մարզիկներ: Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Գոռ Նազարեան եւ Ալպերթ Ամիրջանեան մինչ մնացեալ երկուքը` Արցախէն: Անոնք հանդէս պիտի գան Ա....

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Գարիկ Բարսեղեան Եւ Վահէ Թամրազեան Պարտութիւն Կրեցին

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ երէկ սկսած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 2 ներկայացուցիչները` Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ) եւ Վահէ Թամրազեան (86 քկ), որոնք իրենց պայքարը սկսան 1-16-րդ հանգրուանէն: Վահէ Թամրազեան իր կատարած առաջին ճակատումին 10-2 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլը ներկայացնող Ռատչենքօ Միհալչենքոյին, մինչ Գարիկ Բարսեղեան պարտուեցաւ իր թուրք մրցակիցէն` Սիւլէյման Աթըէն` 8-1 արդիւնքով: Քառորդ...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարձրացաւ 6-րդ Դիրք

ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած մայիս ամսուան ճատրակի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 3 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 6-րդ դիրք: Այս յառաջխաղացքը արձանագրուեցաւ նկատի ունենալով, որ Արոնեան նախորդ շաբաթ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Կրենքէ Չես Քլասիք»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին, արձանագրելով տպաւորիչ յաղթանակներ, տիրացաւ տիտղոսին: ՖԻՏԷ-ի յառաջատարը դարձեալ կը մնայ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որուն կը յաջորդէ,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Դէմ (3-0)

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (աջին) Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի առաջին ճակատումը, երբ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ, աւելի քան 77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ռէալ Մատրիտի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ հեթրիք մը իրագործեց (10-րդ, 73-րդ եւ 86-րդ): Օրուան իրաւարարն էր անգլիացի Մարթին Էթքինսոն: Ըստ թուաբանական հաշիւներու,...

«Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Քաւալիրզ Եւ Ռոքեթց` Յաղթական

Լեպրոն Ճէյմս Նախորդ շաբաթավերջին սկսան «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆ-ի կիսաւարտականի մրցումները: Արեւելեան շրջանին մէջ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` 116-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ եւ 10 ռիպաունտ: Անոր նման տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին անոր խմբակիցները` Թրիսթան Թոմսըն (11 կէտ, 14 ռիպաունտ) եւ Քիրի Ըրվինկ (24 կէտ եւ 10 էսիսթ): Իսկ...

Page 982 of 1277 1 … 981 982 983 … 1,277

Արխիւներ