Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Վոլոդյա Ֆրանգուլեան եւ Գրիգոր Գրիգորեան:
61 քկ. դասակարգին մէջ 3-րդ դիրքի մրցումին համար Ֆրանգուլեան ճակատելով թուրք Ապտի Զուրնաչիի դէմ, 10-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կիսաւարտականին, սակայն, ան պարտուեցաւ (11-1)` Ահմետ Չակայեւէն (Ռուսիա):
74 քկ դասակարգին մէջ, Գրիգորեան, 3-րդ դիրքի մրցումին, 9-3 արդիւնքով յաղթեց յոյն Քիրիլոս Պինեմփաումի:
Կիսաւարտականին սակայն, ան 8-6 արդիւնքով պարտուեցաւ Սոմեր Տեմիրթասէն (Թուրքիա):
Նշենք, որ ախոյեանութեան վերջին օրը մետալներու համար պիտի պայքարին Հայաստանի վերջին 2 ներկայացուցիչները` Վալտեր Մարգարեան (70 քկ) եւ Լեւան Բերիանիցէ (125 քկ):