Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ Վալենսիա շատ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Պարսելոնա հանդիսանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, որովհետեւ ախոյեան հանդիսանալու պարագային, անիկա քաթալոնական ակումբէն պիտի գանձէ 1 միլիոն եւրօ:
Վալենսիա այդ գումարը պիտի ստանայ շնորհիւ Անտրէ Կոմեշի, որ միացած էր Պարսելոնային` 35 միլիոն եւրոյի դիմաց:
Եթէ Պարսելոնա ախոյեան հանդիսանայ, Վալենսիա պիտի ստանայ Կոմեշի ձեռք ձգած յաջողութեան այդ առաւելութիւնը, որովհետեւ իր խումբին հետ հանդիսացաւ ախոյեան: