Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսէն ստացաւ յատուկ նուէր մը` Ռէալի տարազը, որ կը կրէր 400 թիւը, ինչ որ կը խորհրդանշէ մայրաքաղաքի կազմին հետ ցարդ Ռոնալտոյին նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը:
Նշենք, որ Ռոնալտօ իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը բարձրացուց 400-ի, երբ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումին հեթրիքի հեղինակ դարձաւ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 մայիսին` Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին վրայ: