Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին նիստին Սաժեսը 500 կէտով տուգանքի ենթարկեց (12 միլիոն 500 հազար լիբանանեան ոսկի)` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները գտնուեցան անկարգապահ` Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած ֆայնըլ-էյթի չորրորդ մրցումին (Ղազիրի մէջ):
Ատկէ բացի, Սաժես 3 մրցումով կախակայուեցաւ եւ 2017-2018 տարեշրջանին իր դաշտին վրայ կատարելիք առաջին երեք մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` դռնփակ:
Ինչ կը վերաբերի Ռիատիի մարզիկ Իսմայիլ Ահմետի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն, ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ան ոչ մէկ ձեւով մատներու սխալ շարժում կատարած է:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը 100 կէտով տուգանքի ենթարկեց (2 միլիոն 500 հազար լիբանանեան ոսկի) Թատամոնի մարզիկներէն Ռոնի Ֆահըտը, որ Պիպլոսի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք փորձեց յարձակիլ իրաւարարին վրայ: