Պորուսիա Տորթմունտի Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ – Էմերիք Օպամեյանկ մօտ է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն:
«Պիլտ»-ի համաձայն, եթէ այս փոխանցումը տեղի ունենայ, ան տարեկան պիտի գանձէ 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Սակայն այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ: Կը կարծուի, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Պորուսիա Տորթմունտ-Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ աւարտական մրցումէն ետք անոր ճակատագիրը պիտի յստականայ:
Գերմանական ակումբին հետ 27 տարեկան յառաջապահին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020: