«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ Սպանիոյ մէջ հիւրը եղաւ Սելթա Վիկոյին:
Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանական կազմին դէմ` շնորհիւ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլին (67-րդ):
Ռեշֆորտ 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Անթոնի Մարթիալով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 78-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Էշլի Եանկով:
Մրցումին 96-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարարը` Սերկէյ Քարասեւ (Ռուսիա), սուլեց մրցումին աւարտը:
Նշենք, որ կիսաւարտական միւս մրցումին Այաքս Ամսթերտամ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Լիոնի: