Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ սկսաւ Անն Մարի Ապտելքարիմի յիշատակին նուիրուած աղջկանց պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքը, մասնակցութեամբ` աւելի քան 250 մարզիկներու:
Անոնք կը ներկայացնեն հետեւեալ ակումբները`
Էներժի Զուք, Թաատոտ Պէյրութ, Անդրանիկ Պէյրութ, Շիահ Ռիատի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Մութթահետ Թրիփոլի, Ռիատի Պէյրութ, Նետիմ Սուէյտ ակադեմիա, Աքիլա Մուքատտասա վարժարան, Ըխուաթ Հատաս եւ Փրոպասքեթ Փոլ:
Տեղի կ՛ունենան 1999-2000, 2001-2002 եւ 2003-2004 ծնունդ դասակարգի մրցումներ:
2001-2002-ի ծնունդ դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր կատարած առաջին մրցումին 33-25 արդիւնքով պարտուեցաւ Էներժի Զուքէն:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան նաեւ Հուփսի, Պէյրութի եւ Հազմիէի դաշտերուն վրայ: