
«ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի երկու ճակատումներ, որոնց ընթացքին հիւրընկալեց երկու խումբերն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Պոսթըն Սելթիքս, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, երէկ, անոր դաշտին վրայ, 116-89 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մարսին Կորթաթ, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ, 16 ռիպաունտ): Անոր խմբակիցը` Պոժան Պոկտանովիչ, իր կարգին նոյնը կատարեց:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 115-104 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզին եւ 2-0 արդիւնքով շրջանցեց զայն:
Տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրընթ (25 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Ճեզէն` Ռուտի Կոպըրթ (16 կէտ, 16 ռիպաունտ): Ճեզէն Կորտըն Հէյուըրտ նշանակեց 33 կէտ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
Շաբաթ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ (0) – Քլիվլենտ Քաւալիրզ (2)
Հիուսթըն Ռոքեթց (1) – Սան Անթոնիօ Սփըրզ (1)
Կիրակի
Եութա Ճեզ (0) – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (2)