Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆոր-ի մրցումներուն ծիրին մէջ այսօր` շաբաթ, 6 մայիսին, ՀՄԸՄ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ծանօթ է, որ հինգ մրցումէն երեքին յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականին իր տոմսը:
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ, ֆայնըլ – էյթ-ին նման, պէտք է կանուխ ապահովէ իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ կանուխէն ապահովել իրենց տեղերը: Դաշտին դուռը պիտի բացուի ժամը 14:00-ին:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզադաշտը, քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի տղաքը:
Պէտք է անդրադառնալ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին կատարած ողջունելի քայլին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, ֆայնըլ էյթ-ի մրցումներէն սկսեալ իւրաքանչիւր համակիրի տոմսի գինը հինգ հազար լիբանանեան ոսկիէն բարձրացաւ տասը հազարի:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն խանդավառութիւնը պահելու նպատակով յանձնախումբը որոշեց կէս գումարը հինգ հազարը, ինք տրամադրել, որպէսզի համակիրները դաշտ կարենան մտնել ինչպէս նախապէս կ՛ընէին վճարելով 5000 լիբանանեան ոսկի:
Մեծապէս քաջալերելի կը նկատուի վարչութեան առած այս կարեւոր քայլը:
Նշենք, որ ֆայնըլ-ֆորը սկսաւ երէկ, երբ Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը: Ռիատի արձանագրեց 99-77 արդիւնքով յաղթանակ:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, Ժըպէյլի մէջ, ժամը 17:00-ին:
ՀՄԸՄ-Մութթահետ մրցումէն կարճ ատեն մը ետք նոյն դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Անդրանիկ Պէյրութ առաջին մրցումը` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆոր-ի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: