Պարսելոնայի միջնապահ` Անտրես Ինիեսթա (32 տարեկան), որ վերջին շրջանին վիրաւոր էր, այժմ բաւական ապաքինած ըլլալով վերսկսած է իր փորձերուն, կը հաղորդէ սպանական «ԱՍ» լրատուամիջոցը:
Այժմ ան բաւական լաւ վիճակի մէջ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 6 մայիսին Վիարէալի դէմ տեղի ունենալիք «Լա Լիկա»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումին: