Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները վերջ գտան:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ տիտղոսին տիրանալու համար պէտք ունէր յաղթանակի մը, որովհետեւ իր կատարելիք մրցումին նախօրեակին ունէր 3 կէտի առաւելութիւն մը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Մալակայի դաշտէն, հանդիսացաւ ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 33-րդ անգամ ըլլալով:
Այսպիսով, 5 տարուան դադարէ մը ետք, արքայական ակումբը կը հանդիսանայ Սպանիոյ ախոյեան:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (2-րդ) եւ Քարիմ Պենզեմա (55-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Իսկ Պարսելոնա իր 2-0 արդիւնքով ուշացումը վերածեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակի մը` Էյպարի դէմ:
Տաւիտ Ժունքա (63-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Լուիս Սուարեզ (73-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (75-րդ` փենալթիով եւ 92-րդ) նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը: Նշենք, որ 70-րդ վայրկեանին Մեսսի այլ փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
 
			


