Վաղը Չորրորդ Մրցումը`
Մանարայի Մէջ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր երբ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Ռիատին: «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ յորդած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով:
ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, այս երրորդ մրցումին չկրցաւ իր յաղթական ընթացքը շարունակել եւ իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի առաջին պարտութիւնը` 73-64 արդիւնքով (17-12, 32-35, 48-55 եւ 64-73):
Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով սկսաւ իր այս մրցումը եւ երկրորդ քորթըրին սկզբը ունեցաւ 12 կէտի առաւելութիւն մը (24-12) սակայն զարմանալիօրէն արդիւնքը հետզհետէ սկսաւ շրջուիլ ի նպաստ Ռիատիի, որ այս անգամ ինք ունեցաւ բաւական մեծ` 14 կէտի առաւելութիւն մը (47-33):
Ատկէ ետք ՀՄԸՄ հետզհետէ սկսաւ մօտենալ Ռիատիին, բայց յաղթանակ մը չկրցաւ արձանագրել:
Մրցումը եղաւ քիչ մը հարուստ թըրն-օվըր-ներով (18` ՀՄԸՄ-ի, 22` Ռիատիի): ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 42 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` 47: ՀՄԸՄ-ի սթիլները եղան 14, փոխան 10-ի:
Ինչ կը վերաբերի թրի փոյնթերուն, ՀՄԸՄ 33-էն 9-ը հասցուց իր նպատակին, մինչ Ռիատի` 20-էն 7-ը:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն (24 կէտ, 9 ռիպաունտ, 6 սթիլ, 3 թրի փոյնթ), ապա յաջորդաբար Հայկ Կէօքճեան (15 կէտ, 4 ռիպաունտ, 3 սթիլ, 4 թրի փոյնթ), Քարամ Մըշրեֆ (8 կէտ), Էլի Շամուն (8 կէտ, 2 թրի փոյնթ), Աթեր Մաճոք (4 կէտ, 9 ռիպաունտ), Քեւին Կալոուէյ (3 կէտ, 10 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, 4 սթիլ) եւ Նետիմ Սուէյտ (2 կէտ, 4 ռիպաունտ):
Ռիատիէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալի Հայտար (18 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Ալատէ Ամինու (14 կէտ, 12 ռիպաունտ), իսկ խումբին մնացեալ կէտերը բաժնուեցան Ժան-Ապտել Նուրի (17), Ամիր Սէուտի (10) եւ Պրանքօ Սվեթքովիչի (14) միջեւ:
Վաղը` կիրակի, երեկոյեան ժամը 20:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-Ռիատի չորրորդ մրցումը:
Նշենք որ այս մրցումին նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:



