Թենիս. Շարափովա Թորոնթոյի Մրցաշարքին Մասնակցելու Հրաւէր Ստացաւ
5-13 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Թորոնթոյի (Քանատա) թենիսի «Ռոճըրզ-Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքը, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,7 միլիոն ամերիկեան տոլար: Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ ռուս Մարիա Շարափովա ստացաւ յատուկ հրաւէր մը` անոր մասնակցելու համար: Եթէ ան որոշէ մասնակցիլ այդ մրցաշարքին, անիկա Շարափովայի համար պիտի ըլլայ երկրորդ մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի, իր ստացած կախակայումի պատիժէն ետք: 30 տարեկան Շարափովա 26 ապրիլին...





