Նախորդ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Մասթըրզ»-ի տղոց միջազգային մրցումը, երբ աւարտականին 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ճակատեցաւ` գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ (16-րդ):
20 տարեկան Զվերեւ մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով Ճոքովիչի, իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «Մասթըրզ»-ի տիտղոսի մը:
Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսպիսով Զվերեւ հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսմենը, որ կը տիրանայ «Մասթըրզ-1000»-ի մրցաշարքի տիտղոսին, որուն ամէնէն երիտասարդ տիրացողը անցեալին եղած էր նոյնինքն Ճոքովիչ, 2007-ին, Մայեմիի մէջ:
Նշենք, որ միջազգային դասաւորման մէջ Ճոքովիչ դասուած է 2-րդ: