Armnoc.am կայքը կը հաղորդէ որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Ուու շուի մեծերու, երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) եւ պատանիներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ապահովեց 8 մետալ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերեն 28 երկիրներէ, աւելի քան 800 մարզիկներ:
Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 14 մարզիկով:
Սվեթլանա Մոսոյեան տիրացաւ Թաու-լուի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումին (մեծեր), իսկ Արմէն Համբարձումեան հանդիսացաւ փոխախոյեան (մեծեր):
Կարապետ Կարապետեան Ուու շուի մեծերու 65 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալի, իսկ Սայեաթ Պաղտասարեան` պրոնզ մետալի:
Իսկ Քինտայի մրցումներուն, Արսէն Բաղրեան (48 քկ), Վարդան Դանիէլեան (56 քկ), Հայկ Գասպարեան (56 քկ) եւ Ռեբեկա Բալասանեան (65 քկ), որոնք հասան աւարտականին իրենց կարգին նուազագոյնը ապահոված են արծաթ մետալ:
՛՛”