Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 42-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Վերոնա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չեզենայի հետ, սակայն գրաւելով երկրորդ դիրքը (74 կէտով) բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
3-րդ եւ վերջին խումբին անունը ցարդ յստակացած չէ, որովհետեւ տեղի պիտի ունենան փլէյ-օֆի մրցումներ:
Իսկ «Քալչիօ»-էն, ցարդ Բ. դասակարգ փոխադրուած են Փեսքարա եւ Փալերմօ:



