Արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցող «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական երրորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս յաջողեցաւ 111-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Քլիվլենտ Քաւալիրզի նկատմամբ:
Առաջին երկու մրցումներուն, Քաւալիրզ ինք յաղթանակ արձանագրած էր (117-104 եւ 130-86):
Երէկուան այս մրցումին, Սելթիքսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյ Քրաուտըր (14 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Քաւալիրզէն` Քեւին Լովէ (28 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Թրիսթան Թոմսըն (18 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Սակայն մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քիրի Ըրվինկ (29)` Քաւալիրզէն:
Նշենք, որ Արեւմտեան շրջանի աւարտականը կ՛ընթանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի տիրապետութեամբ, որ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Սան Անթոնիօ Սփըրզը (113-111, 136-100 եւ 120-108):