Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 37-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրոթոնէի, հանդիսացաւ Իտալիոյ ախոյեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս չորս կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ 2-րդ դիրքը գրաւող Ա. Էս. Ռոմայի վրայ, որ իր կարգին 5-3 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քիեւօ Վերոնայի դաշտէն:
Եուվենթուսի կոլերը նշանակեցին Մարիօ Մանծուքիչ (12-րդ), Փաուլօ Տիպալա (39-րդ) եւ Ալեքս Սանտրօ (83-րդ):
Եուվենթուս, որ յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, իր պատմութեան մէջ 35-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:



