Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր երեկոյեան ժամը 20:45-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը հիւրընկալէ Ռիատին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է եւ բոլորն ալ գիտեն, ՀՄԸՄ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը` իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ:
Այսօրուան այս երրորդ մրցումին երրորդ յաղթանակը կը նկատուի էական` դէպի տիտղոս մօտենալու համար:
Այսօր պէտք է մոռնալ, որ խումբը երկու յաղթանակ արձանագրած է, որովհետեւ պէտք է նայիլ նորին, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել երրորդը եւ ապա` չորրորդը:
Բնականաբար կարիք չկայ ըսելու, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է կանուխ երթան մարզադաշտ, որպէսզի կարենան իրենց տեղերը ապահովել: Կասկածէ վեր է, որ անոնք այդ պատասխանատուութեան գիտակից են եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, պատրաստ են զօրակցելու իրենց կազմին, մինչեւ ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացումը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմին` այսօրուան իր առաքելութեան մէջ:



