Մանչեսթըր Եունայթըտ Սանտըրլենտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ նշանակուած «Կարիճի հարուածով» կոլը, ճանչցաւ իբրեւ ակումբին լաւագոյն կոլը` այս տարեշրջանին ընթացքին նշանակուած բոլոր կոլերուն մէջ (բնականաբար` Եունայթըտի մարզիկներուն կողմէ նշանակուած):
«Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցանակաբաշխութեան, Մխիթարեանի այս կոլը ստացաւ համակիրներու կողմէ քուէարկութեան մասնակցողներուն 57 առ հարիւրին հաւանութիւնը:
Երկրորդ դիրքին վրայ եղաւ Ուէյն Ռունի (13 առ հարիւր), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Փոլ Փոկպա (9 առ հարիւր):