Օպամեյանկ`
Լաւագոյն Ռմբաձիգը
Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Արդէն իսկ ախոյեան հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ 4-1 արդիւնքով յաղթեց իր վերջին մրցակիցին` Ֆրայպուրկին:
Գերմանացի Ֆիլիփ Լահմ (33 տարեկան) եւ սպանացի Խապի Ալոնսօ (35 տարեկան), որոնք իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացան Պայէրնի հետ, մրցումին աւարտէն կարճ ժամանակ առաջ, փոխարինուեցան այլ մարզիկներով: Անոնք յոտնկայս ծափերով դաշտէն դուրս եկան` նկատի ունենալով, որ լքեցին ֆութպոլիստի իրենց արհեստավարժ ասպարէզը:
Պորուսիա Տորթմունտի կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, որ Վերտըր Պրեմընի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին (4-3) ընթացքին նշանակեց երկու կոլ, հանդիսացաւ լաւագոյն ռմբաձիգը` 31 կոլով, կոլով մը միայն գերազանցելով լեհ Ռոպերթ Լեւանտովսքին, որ Ֆրայպուրկի դէմ չկրցաւ կոլ նշանակել:
Նշենք, որ Ինկոլսթատ (17-րդ) եւ Տարմսթատ (18-րդ) փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:
 
			


