Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալը այսօր կը նկատուի կարեւոր պարտաւորութիւն մը ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին համար, երբ այսօր խումբը կատարէ իր չորրորդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ժամը 17:30-ին, սկսելիք այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի համար յաղթանակը կը նկատուի հրամայական եւ սխալիլը բացարձակապէս արգիլուած է, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները:
Խումբի իւրաքանչիւր մարզիկ ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայէ այսօր յաղթանակը կերտելու եւ վերյիշելու նախորդ տարի նոյն այս մարզադաշտին վրայ իր ստացած ախոյեանութեան տիտղոսը` դարձեալ իր նոյն մրցակիցին դէմ կերտուած փառաւոր յաղթանակէն ետք:
Այսօր, բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու եւ զօրավիգ կանգնելու ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին: