Քէյն` Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իրենց տոմսերը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, տարեշրջանը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քրիսթալ Փալասին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան այս մրցումին դաշտ չներկայացաւ` նկատի ունենալով, որ Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ որոշեց հանգստացնել իր մարզիկը, որպէսզի ան կազմ ու պատրաստ ըլլայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 24 մայիսին, երբ Եունայթըտ պիտի մրցի Այաքս Ամսթերտամի դէմ:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, «Փրեմիեր Լիկ»-ի լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյն, որ Հալ Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին հեթրիք մը իրագործեց:
Այսպիսով, ան այս տարեշրջանին նշանակեց 29 կոլ:
Իսկ վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Հալ Սիթի, Միտըլզպորօ եւ Սանտըրլենտ, փոխադրուեցան Ա. դասակարգ:


